Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան հեռացաւ Փիւնիկէն, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«27 տարեկան միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան այսուհետեւ Փիւնիկի ֆութպոլիստ չէ: Անոր պայմանագրութեան ժամկէտը աւարտեցաւ մեզի հետ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Փիւնիկ շնորհակալութիւն յայտնելով Յովսէփեանին, անոր յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկային իր մաս կազմելիք ակումբին հետ:
Շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ արտասահմանի մէջ:



