Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ աշխատանքը համադրելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ահաբեկչական քնացած բջիջներու մասին երկար հետապնդումներու շնորհիւ կրցած է բացայայտել սուրիական քաղաքացիութիւն կրող 20 տարեկան ՏԱՀԵՇ-ական մը` անունի Զ. Մ. սկզբնատառերով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կը ծրագրէր մզկիթ մը կամ եկեղեցի մը պայթեցնել:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը նշեց, որ խնդրոյ առարկայ ահաբեկիչը հարաւային Լիբանանի Եաթեր գիւղաքաղաքի փողոցներու պատերուն վրայ գրած է «Ապու Պաքր Պաղտատիի թոռը» գրութիւնները եւ կապեր ունեցած է Սրի Լանքայի եկեղեցիները պայթեցնող խմբաւորումներուն հետ:



