Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ յետաձգեց Պէյրութ իր այցելութիւնը:
«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Սաթըրֆիլտ Իսրայէլի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին ոչ մէկ զարգացում արձանագրած է:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տեղեակ պահուած է Սաթըրֆիլտի այցելութեան յետաձգումին մասին` Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ ստացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընդմէջէն:
Կը նախատեսուի, որ Սաթըրֆիլտ աւելի ուշ վերադառնայ Լիբանան` շարունակելու համար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին քննարկումը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումի բանակցութիւնները պիտի սկսին յուլիս ամսուան ընթացքին, եթէ նոր խոչընդոտներ ի յայտ չգան:



