Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ

March 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ պահքը մեր եկեղեցիներուն մէջ սննդականոնային կամ առողջապահական մտահոգութիւններով չէ հաստատուած: Անիկա  հաստատուած է Քրիստոսի օրինակին հետեւողութեամբ, երբ Ան իր քարոզչութիւնը սկսելէ առաջ, քառասուն օրեր շարունակ մեկուսացաւ անապատին մէջ, ինքզինք կերակուրէ զրկեց եւ աղօթքով ապրեցաւ հոգեպէս զօրանալու համար: Քրիստոսի հետեւողութեամբ, ուրեմն պէտք է գիտնալ եւ գիտակցիլ, որ պահքը ամէնէն առաջ հոգեւոր վերանորոգութեան իւրայատուկ առիթ մըն է, որ անպայման հոգեւոր կեանքը ազնուացնելու պէտք է ծառայէ:

Իսկ ի՞նչ ձեւերով կարելի է պահքը հոգեպէս ապրիլ, որպէսզի Քրիստոսի օրինակին հետեւած ըլլանք, այսինքն` ոչ միայն հացով ապրինք, այլ նաեւ` Աստուծոյ բոլոր խօսքերով:

ԻՆՔՆԱՄՓՈՓՈՒՄ

Պահքի ընթացքին մարդ պէտք է մերթ ընդ մերթ առանձնանայ, առանձնութեան մէջ ինքն իրեն հետ խօսելու համար, ինքզինք քննելու, հասկնալու, դատելու համար եւ իր խղճին հետ խօսակից դառնալու համար: Աւելի դժուար է ինքզինք դատել, քան ուրիշը. այս վարժութիւնը կատարողն ու յաջողողը անկասկած դուրս կու գայ զօրացած ու կեանքը դիմագրաւելու յաւելեալ տոկունութեամբ: Այս կատարելով` մենք կը ծանօթանանք մեր տկարութիւններուն, թերութիւններուն եւ ինքնաճանաչումը կը դառնայ մեր մեծագոյն ուժը:

ԱՂՕԹՔ

Պահքի ընթացքին մարդ պարտի ստեղծել առիթներ` հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ, խօսելու Անոր հետ, խոստովանելու համար իր ցաւերն ու մեղքերը, խորհուրդ խնդրելու համար Անկէ: Մէկ խօսքով, մարդ աղօթելու է պահքի ընթացքին, Աստուծոյ մօտ ըլլալու համար:

ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ

Պահքի ընթացքին մեղք պիտի ըլլայ որեւէ ձեւով անառակ կամ անբարիշտ ըլլալը: Ի՞նչ իմաստ ունի ինքզինք որոշ ուտեստեղէններէ զրկելը, եթէ նոյն ատեն կեղծաւորութիւն ընենք, սուտ խօսինք, խոստում չյարգենք, անարդար ըլլանք մեր շուրջիններուն հանդէպ, չարախօսութիւն ընենք: Առաքինի կենցաղ որդեգրելը հրամայական է Մեծ պահքի շրջանին:

Տ. Ս.

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ. ԱՐԱ ԱԶԱՏԻ ԳՈՐԾԵՐԸ` ՓՂՈՍԿՐԵԱՅ ԱՓՈՒՆՔԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԿԸ

Յաջորդը

ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.