
Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Արաբական խաղերուն, աղջկանց վազքի մրցումներուն լիբանանահայ Կրեթթա Թասլաքեան 200 մեթրի ոսկի մետալը պահեց իր մօտ, երբ երէկ արձանագրեց 24″ 10 արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց իրաքցի Տանա Հիւսէյն (24″ 61), իսկ երրորդ դիրքը` սուտանցի Ֆայզա Օմար (25″ 20):
Նշենք, որ Թասլաքեան 100 մեթրի ոսկի մետալը զիջած էր նոյնինքն Հիւսէյնին եւ գրաւած երկրորդ դիրքը:
Թասլաքեանի ոսկի մետալին տիրանալէն կարճ ատեն մը ետք աղջկանց 400 մեթր ազատ լողի մրցումներուն Քաթիա Պաշրուշ իր կարգին հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 4′ 15″ 24 արդիւնք մը:


