Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քուպիշ Այցելեց Նաեւ Նայիմ Քասեմի
Քուպիշ այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Քասեմ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց շրջանին մէջ տիրող մագլցողական քայլերուն եւ իրարանցումին:
Ան հաստատեց, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ճակատին օգտագործած լեզուն սպառնալիքի եւ պատերազմի լեզու է, եւ անիկա պատճառ կը դառնայ, որ հարցերը բարդանան ու լարուին եւ ուղղուին դէպի դիմադրութիւն:
Քասեմ խստիւ դատապարտեց Պաղեստինեան դատն ու պաղեստինցի ժողովուրդը սպաննելու ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրը` «Դարու գործարք»-ը, եւ աւելցուց, որ Պաղեստինեան դատին բոլոր հետեւորդները լուռ պիտի չմնան այս ծրագիրին դիմաց եւ իրենց բոլոր կարողութիւններով պիտի դիմադրեն այս դաւադրութեան:
Շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա լիբանանցի իր գործընկերներուն հետ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի քաղաքական, ելեւմտական եւ տնտեսական կայունութեան իրականացման:
Ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի ուժերուն կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրականութիւնը Լիբանանի, լիբանանեան հողերուն եւ հարստութիւններուն պաշտպանութեան նպատակով է:
«Բոլորը կը վկայեն իսրայէլեան բռնագրաւումէն եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութենէն Լիբանանը ազատագրելու մէջ Հըզպալլայի ունեցած դերակատարութեան մասին` հիմնուելով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին վրայ», ընդգծեց շէյխ Նայիմ Քասեմ:



