Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը:
Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ պաշտպանեց տիտղոսը, երբ յաջողեցաւ իր յաղթանակը արձանագրել, աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ` 6-0, 4-6 եւ 6-1 արդիւնքով: Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 29 վայրկեան:
Այս մրցումը անոնց միջեւ եղաւ 54-րդ:
Այսպիսով, 32 տարեկան Նատալ տիրացաւ իր 34-րդ տիտղոսին` «Մասթըրզ»-ի տարբեր մրցաշարքերուն գծով:



