«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներու տոմսերուն գիները:
Ամէնէն աժան տոմսերուն գինն է 30 եւրօ` խմբային հանգրուանի եւ Պուքրեշի, Պաքուի եւ Պուտափեշթի մէջ տեղի ունենալիք քառորդ աւարտական մրցումներուն համար:
Ամէնէն սուղը Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունենալիք տոմսերուն գինն է, որ կը հասնի մինչեւ 945 եւրոյի:
Տոմսերուն վաճառքը պիտի սկսի (առաջին փուլ) 12 յունիսէն 12 յուլիս 2019: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսէն 12 յուլիս 2020:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ 12 քաղաքներու մէջ:
Անոնք են` Ս. Փեթերսպուրկ, Լոնտոն, Միւնիխ, Հռոմ, Քոփենհակըն, Պուքրեշ, Ամսթերտամ, Տապլին, Պիլպաօ, Պուտափեշթ, Կլասքօ եւ Պաքու:



