Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաթըրֆիլտի Այցելութեան Մասին Տարբեր Օրաթերթերու Մեկնաբանութիւնները

May 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին լիբանանեան երէկուան օրաթերթերը սպրդեցուցին որոշ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ կատարեցին տարբեր մեկնաբանութիւններ:

Այդ շրջագիծին մէջ «Ժումհուրիա» օրաթերթը գրեց, որ Սաթըրֆիլտ երկրին իշխանութեան պետերուն հետ քննարկումներուն ընթացքին զգուշացուցած է, որ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ քայլի պարագային Լիբանան պատասխանատու պիտի նկատուի:

Սաթըրֆիլտ կ՛ակնարկէր ամերիկեան շահերը հարուածելու կամ Մազարեհ Շեպաայի մէջ Կապոյտ գիծը խախտելու իմաստով որեւէ քայլի:

Սաթըրֆիլտ ընդգծած է Լիբանանի կողմէ ինքզինք շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու քաղաքականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Սաթըրֆիլտ ամերիկեան վարչակազմին անունով սպառնացած է լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները կրճատել, եթէ ան Հըզպալլայի կողմէ կատարուելիք զինուորական որեւէ գործողութիւն փորձէ ծածկել:

Ըստ նոյն օրաթերթին, Սաթըրֆիլտ ակնարկած է շրջանին մէջ բռնկելիք զինուորական որեւէ գործողութեան Հըզպալլայի բերելիք հաւանական մասնակցութեան պարագային լիբանանեան բանակին չէզոք կեցուածքի կարեւորութեան:

ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ կոչ ուղղեց Լիբանան այցելող իր քաղաքայիններուն, զգուշանալու իրենց այցելութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարին Միացեալ Նահանգներ Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Սայտա Եւ Ընդգծեց Հոն Տիրող Ապահովական Կայունութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.