Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Ցեղասպանութեան Ականատես Օրորա Մարտիկանեանի «Apocalyps Arménie» Ֆրանսերէնի Թարգմանուած Գիրքին Ներկայացումը

May 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Լ.

Ամերիկացիները Հայաստանի Ժան տ՛Արքը կ՛անուանեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Օրորա Մարտիկանեանը (Արշալոյս), որ ունի Ան Ֆրանքի անմեղութիւնը եւ իտալացի գրող Փրիմօ Լեւիի իրատեսութիւնը: Այս վերջինը նշանաւոր է իր «Si c՛est un homme» հատորով, ուր կը նկարագրէ Աուշվիցի համակեդրոնացման եւ ոչնչացման ճամբարին մէջ իր բանտարկութիւնը 1944-ին:

Ապրիլ 2017-ին Թոմա Տիլանի (ծագումով` Տիլանեան) անգլերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Օրորա Մարտիկանեանի վկայագրութիւնը, որ 14 տարեկանին ականատեսը եղած է թրքական անմարդկային եւ սարսափելի բռնութիւններուն: «Յօշոտուած Հայաստան» (Apocalypse Arménie) վերնագիրով այս գիրքը կը ներկայացնէ վերապրող երիտասարդ հայուհիին յուշերը եւ բռնագաղթուած ու տարագիր հայութեան անասելի տառապանքները: Անիկա առաջին անգամ հրատարակուած է 1918-ին` «Ravished Armenia» խորագիրով, Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ տարի մը ետք ալ շարժապատկերի վերածուած է` «Հոգիներու աճուրդը» վերտառութեամբ:

Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը 29 ապրիլին Հայ մշակոյթի տան մէջ թարգմանիչին հետ հրապարակային հանդիպում մը կազմակերպած էր: Երեկոյթին բացումը կատարեց Հայկուհի Թիւֆենքճեանը եւ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ Օրորայի դաժան կեանքի պատմութեան` գաղթականութեան ճամբուն վրայ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վերոնշեալ անձայն ժապաւէնէն հատուած մը` 20 վայրկեան տեւողութեամբ: Իրարու յաջորդեցին սահմռկեցուցիչ տեսարանները` անօգնական եւ գաղթական հայերուն մահուան կարաւանները, կիզիչ անապատներու աւազներուն վրայ քալող հայ մայրերն ու երեխաները, բռնաբարումներու ենթարկուող կիները, թուրք գիշատիչներու գազանային արարքները: Այլ խօսքով` հայ ժողովուրդի գողգոթան ու խաչելութիւնը:

Օրորա Մարտիկանեանին հետ 1970-ականներուն կատարուած հարցազրոյցի մը սփռումէն ետք խօսք առաւ թարգմանիչ Տիլանեանը, որ ներկայացուց տարաբախտ հայուհիին հակիրճ կենսագրականը: Ան ծնած է Չմշկածագ, 1901-ին, բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ (երեք քոյր եւ երեք եղբայր): 1915-ին 14 տարեկան էր, երբ ընտանիքին հետ կը տարագրուի իր հայրենի օճախէն եւ ամբողջ երկու տարի հետիոտն, անօթի ու ծարաւ կ՛անցնի բազում գիւղերէ եւ շրջաններէ` Մալաթիա, Տիգրանակերտ, Տէրսիմ, Ուրֆա… կ՛ենթարկուի չարչարանքներու եւ բռնաբարութեան:

Չորս անգամ հերոսաբար փախուստի կը դիմէ` անգամ մը ինքզինք Եփրատ գետը նետելով, իսկ ուրիշ անգամ մը դաշունահարելով զինք սպաննել փորձող չեչեն աւազակը: Ի վերջոյ, Էրզրումի մէջ կը հանդիպի զօրավար Անդրանիկին, որուն օժանդակութեամբ ալ Թիֆլիսէն եւ Ս. Փեթերսպուրկէն անցնելով` կը հասնի Շուէտ, ուրկէ ալ նաւով` Ամերիկա: Զօրավարը պատուիրած էր Արշալոյսին, որ ամերիկացիներուն պատմէ իր տեսածները, որպէսզի օգնեն յօշոտուած Հայաստանին եւ հայերուն: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ. Հենրի Կէյց անունով գրագէտ մը կը հրատարակէ Արշալոյսին վկայութիւնները: Իսկ անմիջապէս ետք պատրաստուած ժապաւէնի ցուցադրութենէն գոյացած միլիոնաւոր տոլարի հասոյթը կը տրամադրուի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերու կեանքի ապահովման գործին:

Այնուհետեւ Օրորա կ՛ապրի լուսարձակներէ հեռու: Իր կեանքի վերջին տարիները ան կ՛անցընէ առանձին, ծերանոցի մը մէջ, Լոս Անճըլըս, ուր ալ վերջնականապէս իր աչքերը կը փակէ 1994-ին եւ տէր տիրական չունենալով` կը թաղուի հասարակաց փոսի մը մէջ:

Արդարեւ, ինչպէս իր խօսքի աւարտին դիտել տուաւ թարգմանիչը, Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի կարեւորագոյն յուշագրութիւններէն մէկը համարուող այս գիրքը պէտք է կարդալ եւ տարածել յատկապէս օտար շրջանակներու մէջ:

«Յօշոտուած Հայաստան»-ը թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու, ինչպէս` ռուսերէն, թրքերէն, չինարէն եւ այլն: Իսկ 2016-ին Հայաստանի մէջ ստեղծուած է «Օրորա» (կամ «Աւրորա») անունով միջազգային մրցանակը, որ ամէն տարի կը շնորհուի մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալած մեր օրերու հերոսներուն:

«Նոր Յառաջ»

Նախորդը

Աւարտականներու Ուխտագնացութիւնը` Դպրոցական Շրջանի Աւարտին Առիթով

Յաջորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Սէգ Շուշին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.