Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

December 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2011¬ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00¬ին, «Ազդակ»¬ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 հայկական երկրորդական վարժարաններ:

Մասնակցող վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը եւ  ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանը, իւրաքանչիւր դպրոցէ 6 աշակերտներ` երկրորդական բաժանմունքէն: Ներկայ էին նաեւ դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ ու քաջալերողներ:

ԼԵՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Աշոտ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ հայ վարժարաններու առաքելութեան եւ անոնց կարեւորութեան` հաստատելով, որ ԼԵՄ¬ը միշտ պատրաստ է ձեռք երկարելու հայ վարժարաններուն` նեցուկ կանգնելով անոնց մարդակերտումի ու հայակերտումի ծրագիրներուն: Բագրատունի աւելցուց, որ զարգացման մրցումը պիտի նպաստէ մեր ազգային, յեղափոխական եւ ընդհանուր գիտելիքներու պաշարին: Նախքան մրցումին սկսիլը, Բագրատունի յիշեցուց Գարեգին Նժդեի պատգամը, որ մեր ազգի ապագան, մեր երիտասարդութիւնն է:

Զարգացման մրցումի հարցումները բաժնուած էին հիմնական 6 ենթաբաժանումներու` Հայաստան, Արցախ, մշակութային, դէմքեր, մարզական եւ այլազան: Հարցումները կ՛ընդգրկէին զանազան նոր տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ: Մասնակից աշակերտները խանդավառ մթնոլորտի մէջ պատասխանեցին հարցումներուն: Հակառակ անոր որ արդիւնքները շատ մօտ էին, բայց եւ այնպէս բարձրագոյն  արդիւնքը ապահովող դպրոցը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը հանդիսացաւ առաջին,  Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը` երկրորդ, իսկ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը` երրորդ:

Յատկանշական էր այն, որ երկրորդ տարին ըլլալով առաջին հանդիսացող խումբի բոլոր անդամներուն ՀՅԴ ԼԵՄ-ը տրամադրեց Հայաստան երթուդարձի տոմսեր:

Մրցումի աւարտին ԼԵՄ-ի անունով Աշոտ Բագրատունի շնորհաւորեց  յաղթական խումբը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր մասնակից  վարժարաններուն` մաղթելով, որ ԼԵՄ-ի միջդպրոցական զարգացման մրցումը տարեկան աւանդութիւն դառնայ: Ապա բոլոր մասնակիցները հրաւիրուեցան խմբային նկարի ու հիւրասիրութեան, իսկ առաջին հանդիսացող աշակերտները սրահէն հեռացան երգելով «Երազ իմ երկիր հայրենի…»-ն:

Նախորդը

«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ» ԵՐԳԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.