Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

December 19, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սարգսեան Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ հանդէս եկաւ կարեւոր ելոյթով մը, որուն ընթացքին ան ներկայացուց Թուրքիայէն Հայաստանի պահանջներու բաւարարման նոր ռազմավարութիւն մը: Մինչ այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն:

Առաջին անգամն ըլլալով է, որ նախագահը խօսեցաւ Հայաստանի` «արդարութեան» պահանջին մասին: Վստահ ըլլալու համար, որ իր պատգամը լսելի եւ հասկանալի պիտի դառնայ, ան կրկնեց «արդարութիւն» բառը երեք անգամ, երեք առանձին նախադասութիւններով.

– «Հայ ժողովրդի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ, որտեղ էլ նա լինի` Հայաստանում, Արցախում կամ սփիւռքում, պահանջում է արդարութիւն»:

– «Մենք այնքա՛ն ուժեղ էինք, որ կարողացանք վերապրել Մեծ եղեռնը, եւ ոչ պակաս ուժ ունենք, որպէսզի պահանջենք արդարութիւն»: Նախագահը «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառը վեց անգամ օգտագործեց իր ելոյթի տարբեր մասերով:

– «Դա ոչ թէ վրէժի, այլ արդարութեան ցնծութեան լուր էր», ըսաւ նախագահ Սարգսեան` նկարագրելով 1921-ին Մարսէյի հայերուն ցնծութիւնը, երբ լսեցին Գերմանիոյ դատարանին կողմէ Թալէաթը սպաննողին` Սողոմոն Թեհլիրեանի արդարացման լուրը:

Զարմանալիօրէն, ոչ մէկ քաղաքական մեկնաբան Հայաստանի ու Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր, ուշադրութեան արժանացուց նախագահ Սարգսեանի կողմէ նշուած մօտեցման զգալի փոփոխութիւնը: Ցեղասպանութեան զոհերուն համար «արդարութիւն» հայցելը ունի բոլորովին այլ նպատակ, քան` Ցեղասպանութեան պարզ ճանաչումը: Այս պարունակին մէջ «արդարութիւն» բառը կը ներառէ շարք մը վնասներու փոխհատուցում` պահանջելով վերահաստատել եւ վերադարձնել կողոպտուած բոլոր հարստութիւնները, առգրաւուած կալուածները եւ գրաւուած տարածքները:

Թուրքիոյ առջեւ աւելի համապարփակ պահանջներ դնելով` նախագահ Սարգսեան յայտնեց իր համոզումը, թէ պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի ընդունին իրենց նախնիներուն կողմէ իրագործուած զանգուածային յանցագործութիւններուն իրողութիւնը. «Մենք վստահ ենք, որ Թուրքիան պիտի զղջայ: Դա ո՛չ նախապայման է, ո՛չ էլ վրէժխնդրութեանը յագուրդ տալու ձգտում: Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ: Երբեւէ Թուրքիայի ղեկավարութիւնը կարող է ուժ գտնել եւ վերարժեւորել իր մօտեցումները` Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ: Մեր դիրքորոշումը չի փոխուել, եւ այն յստակ է: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիայի հետ ունենալ բնականոն յարաբերութիւններ, ինչպէս վայել է հարեւան երկրներին: Այդպիսի հարեւան երկրներ էին, օրինակ, Լեհաստանը եւ Գերմանիան, որի քանցլեր (վարչապետ) Ուիլի Պրանտ, գիտակցելով իր երկրի գործած յանցանքը, ծնկի էր իջել Վարշաւայի կեթոյում: Վաղ թէ ուշ, իրեն եւրոպական երկիր համարող Թուրքիան կ՛ունենայ եւրոպական լինելուն յարիր ղեկավարութիւն, որը գլուխ կը խոնարհի Ծիծեռնակաբերդում: Աւելի լաւ է` վաղ, բայց դա Թուրքիայի ժողովրդի գործն է: Մենք նրանց ոչինչ չենք պարտադրում. դա իրենք պէտք է անեն` յանուն թուրք ժողովրդի, ինչպէս որ Ուիլի Պրանտը դա արեց յանուն գերմանացիների»:

Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ, հաւանաբար չհասկնալով նախագահ Սարգսեանի կողմէ «արդարութեան» պահանջի հեռանկարային հետեւանքները, զայրացած արձագանգեց Հայաստանի նախագահի խօսքերուն: Պաղըշ մեծամտօրէն նշեց. «Ոչ ոք կրնայ ծունկի բերել թուրք ժողովուրդը: Ընդհակառակը, թուրք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ինչպէ՛ս ծունկի բերել նման անգիտակից յայտարարութիւններ ընողները»:

Ես ամբողջութեամբ կողմնակից եմ նախագահ Սարգսեանի` Թուրքիոյ նկատմամբ պահանջատիրական նոր մօտեցումին: Ես յօդուածներուս, ելոյթներուս, հարցազրոյցներուս եւ առանձին հանդիպումներուս ընթացքին բազմիցս կոչ ըրած եմ Հայաստանի ղեկավարներուն, որ անոնք Թուրքիայէն «արդարութիւն» պահանջեն, այլ ոչ թէ պարզապէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում: Այս թեմայով յօդուածներէս մէկը` «Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արդարութեան պահանջը», անցեալ տարի լոյս տեսաւ Լոս Անճելըսի «Լոյոլա» իրաւաբանական համալսարանի «The International & Comparative» պարբերաթերթին մէջ:

Նախընտրելի է, որ Հայաստան Թուրքիոյ ներկայացնէ իր պահանջները «արդարութեան» տեսանկիւնէն` խուսափելու համար հզօր եւ սպառնալից հարեւանի մը պաշտօնապէս հողային պահանջներ ներկայացնելու վտանգէն: Այնուամենայնիւ, «արդարութեան պահանջ»-ը ծածկագիր է կամ սղագրութիւն` Թուրքիայէն համապարփակ հայկական պահանջներուն: Նոյնիսկ Թուրքիոյ ժխտողապաշտ ղեկավարները չեն համարձակիր վիճարկել «արդարութեան» համընդհանուր ընդունուած հասկացողութիւնը, օրէնքի գերակայութեան եւ յատկապէս միջազգային իրաւունքի հիման վրայ:

Թէեւ Մարսէյի մէջ նախագահ Սարգսեանի խօսքերը բարձր գովասանքի արժանացան, կը մնայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կեանքի պիտի կոչուի Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջող այս նոր հայեցակարգը: Ինչպիսի՞ գործնական քայլերու պիտի ձեռնարկէ Հայաստանի կառավարութիւնը, մանաւանդ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թուրքիայէն արդարութիւն պահանջելու ուղղութեամբ: Արդեօ՞ք Հայաստանը պիտի պաշտպանէ սփիւռքի հայկական համայնքներուն կողմէ Միացեալ Նահանգների եւ եւրոպական դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատավարութիւնները` պահանջելով Ցեղասպանութեան զոհերու կորուստներուն փոխհատուցումը, կամ արդեօ՞ք Հայաստանը պիտի բանայ իր սեփական դատը Թուրքիոյ հանրապետութեան դէմ, Միջազգային դատարանին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

 Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ՅԱՍՄԻԿԻՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ. (ՅԱՍՄԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.