Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (76-72) Եւ Արդիւնքը Հաւասարեցուց 1-1-ի

April 18, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 17 ապրիլին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը:

Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 98-80 արդիւնքով:

Այս իրողութենէն մեկնելով` Պէյրութ իր ամէն կարելին պիտի փորձէր ընել, որպէսզի ՀՄԸՄ դարձեալ յաղթանակ մը չկարենայ արձանագրել իր դէմ, մինչ ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէր, որպէսզի 2-0 արդիւնքով գերազանցէ իր մրցակիցը եւ աւելի հանգիստ վիճակով ուղղուի դէպի երրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 20 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Շիահի մարզադաշտին վրայ:

Հիւր կազմը` Պէյրութ, մրցումը սկսաւ բաւական լաւ ձեւով եւ առաջին երկու քորթըրներուն տիրապետեց ՀՄԸՄ-ի վրայ, մանաւանդ երկրորդին, երբ նշանակեց 23 կէտ` փոխան 14-ի, մինչ առաջին քորթըրին անիկա ունեցաւ կէտի մը առաւելութիւն` 18-17 արդիւնքով:

Պէյրութ առաջին կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն, եւ ատիկա, տասը կէտի առաւելութեամբ մը` 41-31 արդիւնքով:

Երրորդ քորթըրին եւս հիւր կազմը շարունակելով իր ճնշումը, միշտ ունեցաւ կէտերու քիչ մը լայն տարբերութիւն եւ նոյնիսկ ունեցաւ 15 կէտի առաւելութիւն մը` 53-38 արդիւնքով:

Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, ՀՄԸՄ հետզհետէ սկսաւ ինքզինք վերագտնել եւ իրերայաջորդ կէտերով նոյնիսկ արդիւնքը հաւասարեցնել:

Սակայն վերջին հինգ վայրկեանին ՀՄԸՄ-էն Էլի Ռըսթոմ հինգ ֆաուլ-աութով դուրս եկաւ մրցումէն. նոյնը պատահեցաւ նաեւ անոր խմբակիցին` Ժերար Հատիտեանին, բայց ատիկա` քիչ մը աւելի ուշ, աւարտէն վայրկեան մը առաջ:

Շարունակելով իր ճնշումը` Պէյրութ կրցաւ տանիլ վերջնական յաղթանակը` 76-72 արդիւնքով եւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1):

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-18, 14-23, 20-19, 21-16:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուոլթըր Հոճ` 35 կէտ եւ 8 էսիսթ, իսկ անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա բաւականացաւ 11 կէտով, մինչ մնացեալ մարզիկները նշանակեցին եօթը կէտ եւ աւելի վար:

Իսկ Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ալի Հայտար (29 կէտ, 11 ռիպաունտ), որ ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը եւ ինքզինք պարտադրեց մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի կողովին տակ. ան մրցումին ամբողջ տեւողութեան եղաւ միակ մարզիկը, որ դաշտին վրայ ելոյթ ունեցաւ ամբողջ քառասուն վայրկեան:

Պէյրութ կրցաւ ձեռք ձգել 45 ռիպաունտ, մինչ ՀՄԸՄ` 32, ինչ որ բնականաբար ազդեց անոր յաջողութեան եւ արձանագրուած յաղթանակին վրայ:

Նշենք, որ Պէյրութ արդիւնքը հաւասարեցնելէ բացի, այլ իրագործում մըն ալ կատարեց, երբ եկաւ վերջ մը դնելու ՀՄԸՄ-ի անպարտելիութեան շարքին: ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ արձանագրած էր յաջորդական 28 յաղթանակ եւ 525 օր մնացած էր անպարտելի իր դաշտին վրայ:

Նախորդը

Ուապա-Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ֆուհէյս Մրցումը` Ժամը 19:00-ին

Յաջորդը

Ապրիլեան Խոհեր. Պայքարի Տրամաբանութեամբ

RelatedPosts

Ազգերու Լիկայի Մրցումներուն Համար.  Եղիշէ Մելիքեան Հրապարակեց  Ազգային Խումբի Մարզիկներու Ցանկը
Մարզական

Ազգերու Լիկայի Մրցումներուն Համար. Եղիշէ Մելիքեան Հրապարակեց Ազգային Խումբի Մարզիկներու Ցանկը

November 9, 2026
Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր.  Սուրէն Կատվալեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական
Մարզական

Պատանիներու Ողիմպիական Խաղեր. Սուրէն Կատվալեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

November 9, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Արամ Բաքլաչեան Ախոյեան
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Արամ Բաքլաչեան Ախոյեան

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.