Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Հուփսին` 88-80 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրելով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

April 1, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 30 մարտին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:

Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ կիսաւարտականի (ֆայնըլ-ֆոր) իր տոմսը:

Մրցումը սկսաւ եւ առաջին չորս վայրկեանին նշանակուեցաւ վեց թրի-փոյնթ, չորսը ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին, իսկ երկուքը` ի նպաստ հիւր կազմին:

ՀՄԸՄ բաւական զօրաւոր ձեւով սկսելով առաջին քորթըրը, ունեցաւ չորս կէտի առաւելութիւն մը` 23-19 արդիւնքով:

Երկրորդ քորթըրին, Հուփս բաւական բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ շնորհիւ իր օտար մարզիկին` Ուիլի Ուորընին, կրցաւ քիչ մը նեղ կացութեան մատնել ՀՄԸՄը:

Բայց ան առաջին քորթըրը աւարտեց երեք ֆաուլով` քիչ մը նեղ կացութեան մատնելով անոր մարզիչը` Ժատ Հաժը:

Երկրորդ քորթըրը աւարտեցաւ 45-41 արդիւնքով` ի նպաստ հիւրընկալ կազմին, եւ ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ ինքզինք պարտադրելով նշանակեց հինգ թրի-փոյնթ:

Խումբերը հանդերձարանէն վերադարձան փորձելով յաւելեալ կէտեր նշանակել եւ յաղթանակի համար պայքարիլ:

Նախորդ երկուքին նման, երրորդ քորթըրը եւս անցաւ համահաւասար պայքարով եւ անիկա աւարտեցաւ 65-61 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

Ուշագրաւ եղաւ այն կէտը, որ երեք քորթըրներն ալ աւարտեցան չորս կէտի տարբերութեամբ` ի նպաստ դաշտին տիրոջ:

Վերջին եւ ճակատագրական քորթըրին, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կացութիւնը ի նպաստ իրեն դարձնել, արձանագրել 88-80 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ 1-0 արդիւնքով գերազանցել Հուփսը:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 3 ապրիլին, Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ (Պաուշրիէ), երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Այս մրցումին, ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց ՈւոլթըրՀոճ (29 կէտ, 11 էսիսթ), ներառեալ` 5 թրի-փոյնթ: Անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 20 կէտ, ներառեալ` 4 թրի-փոյնթ: Իսկ Հուփսէն Ուիլի Ուորըն նշանակեց 19 կէտ, ներառեալ` 5 թրի-փոյնթ:

Հուփսէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Խալիլ Աուն, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց, 14 կէտ, 10 ռիպաունտ (ներառեալ` 4 թրի-փոյնթ):

Նշենք, որ ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 38 ռիպաունտ, մինչ Հուփս` 46: ՀՄԸՄ-ի էսիսթները եղան 21, փոխան` 18-ի: Իսկ ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 7` փոխան 11-ի:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ յաջորդաբար 27-րդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի` իր դաշտին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք իրենց մեծաթիւ ներկայութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը` դաշտին մէջ ստեղծելով տօնական մթնոլորտ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շիահ` 66-40

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.