Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց Ա., Բ. եւ Գ. դասակարգի ախոյեանութիւններուն դարձի մրցումներուն յայտագիրը:
Որոշուեցաւ յառաջիկայ 22 յունուար 2012-ին Իրաքի դէմ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը կատարել Թրիփոլիի մէջ: Մրցումի վայր ճշդուեցաւ Թրիփոլիի Քաղաքապետարանի դաշտը` նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակամիջոցին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը կատարէ բանակում մը:
Ֆետերասիոնը չընդառաջեց Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի այն առաջարկին, որ կը փափաքէր 24 փետրուար 2012-ին Տուպայի մէջ բարեկամական մրցում մը կատարել Լիբանանի դէմ:
Որոշուեցաւ, որ 17 յունուար 2012-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունենայ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը Փղոսկրեայ ափունքի դէմ, որ Լիբանան պիտի ժամանէ իր ամբողջական եւ հիմնական կազմով:
Ֆետերասիոնը տեղեկացուց նաեւ, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մնացեալ մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենային Մարզական աւանին մէջ, փոխադրուեցան Սայտայի եւ Պէյրութի Քաղաքապետարանի դաշտերը:
Նշենք, որ այս որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ 11 դեկտեմբեր 2011-ին Մարզական աւանի տնօրէնութիւնը որոշեց փակել դաշտին դռները (առանց պատճառները նշելու):
Ֆետերասիոնը վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները:
Այսպիսով, յստակացան 1/16-րդ հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները, որոնք են` ՀՄՄ, Խըյուլ, Իրշատ, Շապապ Ղազիէ, Ահտ, Սաֆա, Նըժմէ, Անսար, Մապարրա, Ռասինկ, Շապապ Սահել, Ախա Ահլի Ալէյ, Սալամ Սուր, Թատամոն Սուր, Թրիփոլի եւ Ահլի Սայտա:
1/16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան):
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը (Գ. խմբակ) իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 24 դեկտեմբերին` ճակատելով Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ: Մրցումը, որ պիտի կատարուի Պէյրութի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ (Հըրժ), պիտի սկսի ժամը 2:15-ին:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ (6-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ).
ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շեպիպեթ Մազրաա – ՀՄԸՄ 2:15 Պէյրութ-Հըրժ
ՈՒՐԲԱԹ, 30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ (7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ).
ՀՄԸՄ – Նըժմեթ Սահրա 2:15 Պուրճ Համուտ
ՈՒՐԲԱԹ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ (8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ).
Թատամոն Պէյրութ – ՀՄԸՄ 2:15 Պէյրութ-Հըրժ
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ (9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ).
Ուաֆա Նապի Շիթ – ՀՄԸՄ 2:15 Խիարա
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ (10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ).
ՀՄԸՄ – Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ 2:15 Պուրճ Համուտ
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (Ա. եւ Բ. դասակարգ).
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.
ՇԱԲԱԹ, 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Սուր – Ռասինկ 2:15 Սուր
Անսար – Ահլի Սայտա 5:30 Պէյրութ
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Թատամոն Սուր – Ահտ 2:15 Սուր
Թրիփոլի – Նըժմէ 2:15 Թրիփոլի
Ախա Ահլի Ալէյ – Մապարրա 2:15 Սայտա
Սաֆա – Շապապ Սահել 5:30 Պէյրութ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (ԴԱՐՁ).
ՈՒՐԲԱԹ, 16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Իժթիմահի – Մաուատտէ 2:15 Թրիփոլի
Շապապ Ղազիէ – Իսլահ Շիմալի 2:15 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Զղորթա
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սաժես – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Նըժմէ
Խըյուլ – Իրշատ 2:15 Սաֆա
ՀՄՄ – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Անսար


