Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարթի՛ր, Լաօ՜

March 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ

Իր բոլոր երեսներով ահաւոր է պատերազմը, աւելի ահաւոր է խաղաղութիւնը, երբ կը վխտան խաչագողները:

Բարոյականութիւնն ու չափի զգացողութիւնը երբ լքեն ժողովուրդ մը, երբ ընչաքաղցութիւնը քարոզուի իբրեւ գաղափարաբանութիւն, երբ փայլուն ինքնաշարժներն ու շքեղ դղեակները դառնան կրօն, սէրը սուտ հռչակուի եւ վերածուի փոխշահարկման միջոցի, երբ ժողովուրդին ծոցէն ծնածները մոռնալով համեստ անցեալը, յղփանալով, կը դառնան դահիճ` ծախելով իրենց հոգին, ոռնան իբրեւ գազան, հայրենիքը կը դառնայ դժոխք, եւ ազգը կը դառնայ զիրար բզկտող առնէտներու վոհմակ:

Սարսափելի են քինախնդրութիւնն ու ոխը, ոխը` հարազատ եղբօր նկատմամբ, նոյն արգանդէն ծնունդ, ընկերոջ նկատմամբ` նոյն բաժակէն խմած: Արդարութիւնն ու խղճամտութիւնը լոյսն են այս աշխարհին եւ գրաւականը` ամէն ազգի հզօրութեան:

Ազգի իւրաքանչիւր անհատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ մասնիկն է ազգին` անկախ հոգեմտաւոր, նիւթական կամ ֆիզիքական տուեալներէն: Այնպէս, ինչպէս ընտանիքի մը խելացի ու թերաճ մանուկները իրենց ծնողներուն սէրը կը վայելեն, նոյնպէս ազգի իւրաքանչիւր անհատ, օժտուած, գեղեցիկ, յաղթանդամ կամ տկար ու ոչ փայլուն, սոսկական թիւ մը, մասնիկ մը կամ քուէ մը չէ ազգի վիճակագրական տախտակներուն վրայ:

Չկայ մասնակի արդարութիւն. արդարութիւնը կա՛մ բացարձակ է, կա՛մ անարդարութիւնն է տիրողը. ազգի խոցուած, տկար ու խեղճ անդամները աւելի հոգածութեան պէտք է արժանանան, քան` հզօրներն ու ընտրանին: Եւ այս բոլորը` առանց տրտունջքի կամ դժկամութեան:

Հերոս ազգ է մեր ազգը, մարտնչող, վիշապաքաղ, ժայթքող հրաբուխ է մեր ազգը: Հերոսածին են մեր մայրերը, տոկուն ենք, ամրակուռ` Նեմրութեան կրանիթի պէս:

Եռաբլուր, բլուր մը նահատակներու արեամբ շնչող… Եւ մեր հայրենիքի ո՞ր անկիւնը Եռաբլուր չէ:

Այնպիսի ազգ ենք, որ ամէն տուն նահատակ ունի` պատմութեան այս կամ այն փուլին, յաղթեր ենք բազում մարտեր` շատ յաճախ կռուելով օտար կայսրերու բանակներուն մէջ…

Իսկ հիմա մե՛ր բանակն է յաղթողը, անկախ Հայաստանն է յաղթողը եւ… ի՜նչ զոհողութիւններու գնով հասեր ենք այս յաղթանակին:

Մեր բոլորին յաղթանակն է, մեր արիւնաքա՜մ, մեր ցիրուցան ազգին յաղթանակն է: ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ կերտեցինք այդ, գրիչով, զէնքով, տքնաջան աշխատանքով…

Մէկդի դնենք մեր վիրաւորուած եսերն ու քէնցած սրտերը, խոնարհինք մեր հերոս տղոց թափած արեան առջեւ, պարտուողներ չկա՛ն մեր մէջ, պարտուած է թշնամի՛ն:

Զարթի՛ր, լաօ՜, մռնեմ քեզի՜:

27 փետրուար 2019
Արագած, Պէյրութ

Նախորդը

Միջազգային Ընթացիկ Անվտանգային Միջավայրը Շարունակում Է Խոցելի Մնալ

Յաջորդը

Մեծ Հօրս, Հօրս, Իմ Հողս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.