Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՍԵՌԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

December 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Սեռային կեանքին ազդեցութիւնը ամուսնութեան վրայ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Փաուլօ Գազազեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Շաքէ Բարմաքսըզեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը, նշեց, թէ ամուսնական յաջող կեանք մը ունենալու պայմանը նախ եւ առաջ զայն պահպանելն է, ամուսնացող զոյգին առողջ մտային, հոգեկան եւ գաղափարական համերաշխութիւնը ապահովելով պահպանել տան խաղաղ մթնոլորտը:

Տոքթ. Փաուլօ Գազազեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով երկու մշակոյթներ, որոնցմով կը յատկանշուի ներկայ ընկերութիւնը: Առաջինը` արեւելեան, ուր կինը կը ներկայանայ իբրեւ երկրորդական անձ, զաւակ ծննդաբերող, սիրոյ գոյութիւնը զոյգերուն միջեւ շատ փոքր է, յատկապէս իսլամական մշակոյթին մէջ: Իսկ արեւմտեան մշակոյթի պարագային, ամուսնութեան հասկացողութիւնը ներկայիս կը կազմէ քիչ համեմատութիւն: Ընկերութիւնը կը յատկանշուի ազատ կենակցութեան գաղափարով, ոչ պաշտօնական համաձայնութեամբ ապրելով:

Ահա այս երկու մշակոյթներուն մէջ տարբեր   տուեալներէ մեկնած կը գտնուի հայկական տարբերակը, որ յաճախ կ՛ազդուի շրջապատի տուեալներէն եւ պայմաններէն:

Տոքթ. Գազազեան յաջորդաբար ներկայացուց այն հանգրուանները, երբ զոյգերը կը հանդիպին եւ կը սկսին միասնաբար կազմել հայկական ընտանիքը:

Առաջին հանգրուանը այն է, երբ զոյգերը կը հանդիպին, կը ծանօթանան տարբեր վայրերու մէջ: Իսկ հայկական միջավայրին մէջ, տակաւին զոյգերու ընտանիքները իրենց դերը ունին երկու անձերու հանդիպման մէջ, ուր սէրը տակաւին գոյութիւն չունի:

Երկրորդ հանգրուանը, խօսքկապի կամ նշանտուքի շրջանն է. այս հանգրուանին զոյգերը ընդհանրապէս շատ ուրախ են, երկու ընտանիքները առաւելագոյն չափով կը փորձեն զիրար գոհացնել տարբեր միջոցներով, եւ յաճախ հեռու իրականութենէ, կը փորձեն «դրական» ազդեցութիւն ձգել դիմացի ընտանիքին վրայ: Այս ընթացքին կը բազմանան խոստումները` յատկանշուած կեղծաւորութեամբ եւ ոչ ճշմարտութեամբ:

Եթէ իրապաշտօրէն մօտենանք, ապա կը գտնենք, որ նշեալ հանգրուանը զոյգերուն միջեւ սիրոյ հաստատման ու ամուսնական կառոյցի հաստատման շրջանն է:

Երրորդ հանգրուանը ամուսնութեան շրջանն է, երբ ուրախութիւն, եւ խրախճանք աւարտած են, եւ զոյգերը պիտի ապրին նոյն յարկին տակ, կեանքի նոյն պայմաններուն ներքեւ:

Այս հանգրուանին երկու տարբեր պայմաններու տակ ամուսնական կեանքը կը շարունակուի: Առաջինը, երբ զոյգերը իրենց ամուսնական կեանքին կը սկսին` ունենալով իրենց անկախ բնակարանը` անմիջականօրէն հեռու հարազատներու ստեղծած պայմաններէն:

Երկրորդը, երբ զոյգերը իրենց ամուսնական կեանքին կը սկսին ոչ անկախ, այլ այր մարդու ծնողքին յարկին տակ: Այս հանգրուանը պիտի ըլլայ առիթը, ուր ամուսնական սէրը պիտի աճի եւ իբրեւ այր ու կին այդ կապը ամրանայ, բայց յաճախ ընտանիքի տարբեր անդամներուն ներկայութիւնը եւ միջամտութիւնը ժխտականօրէն պիտի ազդեն ամուսնական կեանքին վրայ, եւ այդ ժխտական մթնոլորտի զարգացման ընթացքը կը հասցնէ ամուսնալուծման:

Իբրեւ եզրակացութիւն, տոքթ. Փաուլօ Գազազեան յանձնարարեց զոյգերու ամուսնութեան առաջին հանգրուանին չաճապարել կնոջ յղի մնալուն գծով, այլ պատրաստութեան եւ սիրոյ աճման բաւարար ժամանակ տրամադրել: Երկրորդ, դասախօս բժիշկը անհրաժեշտ նկատեց սեռային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ուսումնական շրջանին: Երրորդ, զոյգերուն նախապէս բացատրել այն օրինական պայմանները, երբ զոյգերէն ոեւէ մէկը կը դիմէ ամուսնալուծման, եւ ինչ կրնան ըլլալ հետեւանքները:

Աւարտին դասախօսը բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ. ԿԸ ՄԱՂԹԵՄ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԳՏՆԷ ԻՐ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԵՒ ՄԵՐՁԱԿԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԷՐ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։