Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ նախագահեց յոյն կաթողիկէ համայնքի թեմերու առաջնորդներուն ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները արժանապատուութեամբ եւ խաղաղութեամբ վերադառնան հայրենիք:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ իր կարծիքով չկան հարցեր, որոնք կրնան խոչընդոտել Պրիւքսելի խորհրդաժողովին աշխատանքը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ողջունեց Լիբանանեան համալսարանին մէջ ուսանողներու համադաշնակցութեան գործունէութեան վերաշխուժացումը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան համաձայն, վառելանիւթի սակերը բարձրացած են: 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 500 լ. ոսկի սղած է, մազութինը` 300 լ. ոսկի, իսկ կազինը` 200 լ. ոսկի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Լաքքիս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապերի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել երկրագործութեան մարզին բարգաւաճումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին Թրիփոլիի մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդգծեց, որ նոր պաշտօնեաներ ընդունելու մասին հրապարակուած թիւերը ճշդելու եւ ստուգելու աշխատանքը ընթացքի մէջ է տակաւին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կարողութիւն չունի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման սպասելու` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը իրականացած տեսնելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանը բանիւ եւ գործով ներկայացնէ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալպեր Մանսուր հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին ոգին մեռած է եւ գոյութիւն չունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Սայիտ Շամիսի շնորհաւորեց արհեստագիտութեան եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունին` անոր ստանձնած պաշտօնին համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը իրադարձութիւններ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահութեան թեկնածու Ղասսան Խուրի յայտնեց, որ Մարոնիներու լիկային պարտականութիւնն է լուծել համայնքին հարցերը` աւելցնելով, որ մարոնի համայնքին ներքին միասնականութիւնը խոցելի դարձած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Շեհապէտտին հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ «Պոյինկ 737-մաքս» տիպի օդանաւերուն Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարելը եւ Լիբանանի վերեւ թռիչք գործելը արգիլուեցաւ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ, թէ արդեօք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի «թեւերը կոտրելու» ամերիկեան որոշումնե՞ր կան` իբրեւ պատասխան անոր` Հըզպալլային զօրակցող կեցուածքներուն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր յայտնեցին, որ Կոլանի մէջ բացայայտած է Հըզպալլայի յատուկ վաշտ մը, որ գաղտնի կերպով կը գործէ այդ շրջանին մէջ եւ Իսրայէլի դէմ ապահովական գործողութիւններ կը ծրագրէ:

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախկին նախագահ Էլիաս Աուն կոչ ուղղեց մշակելու օրէնք մը, որ կը հակակշռէ ընկերային ցանցերուն սանձարձակութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Մարոնիներու լիկան պիտի մերժէ այն որոշումները, որոնք վնաս կը հասցնեն մարոնի համայնքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իրենց խորհրդանիշներէն է եւ կարելի չէ արտօնել, որ զայն թիրախ դարձնեն:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Հրթիռակոծել Իտլիպի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Դիրքերը

Յաջորդը

25 Մարտը Արձակուրդի Օր` Աւետման Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.