Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ուսուցիչը` Յանձնառու Գործի Անդուլ Մշակը

March 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ

«Ուսուցիչ պարո՛ններ ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը: Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. Սխալ ուղղութեամբ, ազգ մը կը խորտակէք վերջը»:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ուսուցչութիւնը պահանջկոտ ու դժուար առաքելութիւն մըն է, որ մասնագիտական պատրաստութիւնը կը վերածէ կոչումի եւ կոչումը` ազգային գիտակցութեան, համակ նուիրումի եւ հայ մարդը կերտող մեսրոպատիպ մշակի:

Սերունդ կրթելը բարդ ու պատասխանատու առաքելութիւն է, որ կը պահանջէ անսահման զոհողութիւն եւ նուիրում, եւ այդ նուիրումին մէջ իսկ  գոհունակութիւն գտնելու ենթադրութիւն:

Եւ ահա թէ ինչո՛ւ, դպրոցը եւ մանաւանդ հայ դպրոցը կը նկատենք հայուն կենարար աւիշը, որով կը կերտուի ու կը կազմաւորուի հայ պատանիին ու հայ երիտասարդին հոգին:

Հայ ուսուցիչն է մեր ազգային պայքարի յառաջապահը, մեր օրերու ֆետային եւ հայ ստեղծագործ միտքը, որ նկարագիր կը կերտէ, մեր մատղաշ սերունդին ուղեղները կը կոփէ:

Հայ ուսուցիչը այն հիմքն է, այն կենսատու աղբիւրը, որուն շնորհիւ կը ձեւաւորուի, կը լիցքաւորուի հայ աշակերտին մտածելակերպն ու աշխարհահայեացքը:

Ուստի, իբրեւ հայ ուսուցիչներ, ձեր ուսերուն քաղցր լուծ մը ունիք, որովհետեւ դուք ջահակիրներն էք հայ սերունդին: Արդարեւ քաջալերելով հայ մանուկը շարունակելու իր ուսումը, տիրանալու բարձր վկայականներու եւ, ինչու չէ, մեր սքանչելի մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու ու ճշգրիտ ձեւով փոխանցելու գալիք սերունդներուն` իբրեւ թանկագին ու անփոխարինելի գանձ:

Արդարեւ, ձեր դերն ու ճիտին պարտքը այլ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ մեր մանուկներուն կեանքին մէջ անմար պահել ուսման ջահը, որովհետեւ հայ մարդուն արժանիքը կը կայանայ ուսման ու հայեցի դաստիարակութեան մէջ:

Աւելի՛ն, հայ ուսուցիչին համար կարեւորը տալն է, եւ ոչ միայն այս պաշտօնը վարելը: Այլ խօսքով, ճառագայթելն է` ուսուցիչ անունը կրելէն աւելի ու անդին: Վերջ ի վերջոյ, հայ ուսուցիչը ե՛ւ դասատու է, ե՛ւ դաստիարակ:

Իսկապէս, այնչափ մեծ է ձեր վաստակը սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան պատասխանատու գործին մէջ: Ձեր անձնական օրինակով ու նուիրումով է, որ կը ձեւաւորուի 21-րդ դարու հայ մարդու նկարագիրը:

Շնորհաւոր ձեր տօնը` հայ դպրոցի սիրելի՛ ուսուցիչներ, դաստիարակութեան հայրենանուէր ու յանձնառու գործի անդուլ մշա՛կներ: Ձեզի կը մաղթեմ անսպառ եռանդ, կորով, սէր ու նուիրում` ձեր սրբազան գործին մէջ:

 

 

Նախորդը

Մաղթում Ենք Գարնանաբոյր Տրամադրութիւն, Անսահման Սէր Ու Խաղաղութիւն. Հայ Օգնութեան Միութիւն

Յաջորդը

Հայ Դաստիարակին Ամէնօրեայ «Աղօթք»-ը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.