Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ճակատումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը երէկ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` հնդիկներէն, 2,5-1,5 արդիւնքով:
Երրորդ եւ չորրորդ խաղատախտակին վրայ պարտութիւն կրեցին Աննա Մարգարեան եւ Մարիա Գէորգեան, Լիլիթ Մկրտչեան (երկրորդ խաղատախտակ) յաղթանակ արձանագրեց, մինչ առաջին խաղատախտակին վրայ Էլինա Դանիէլեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Աղջկանց հաւաքականը կը գլխաւորէ Զաւէն Անդրէասեան:


