Ըստ անգլիական «Տը Սան»-ի, Պայէրն Միւնիխ մինչեւ 2023 պիտի երկարաձգէ իր լեհ յառաջապահին` Ռոպերթ Լեւանտովսքիի պայմանագրութիւնը:
Ան նախորդ ամրան ընթացքին գրեթէ մօտ էր Պայէրնէն հեռանալուն` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի փորձեր կատարեցին ձեռք ձգելու համար անոր ստորագրութիւնը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») ընթացիկ ախոյեանութեան, 30 տարեկան Լեւանտովսքի 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 15 կոլ:



