Սկովտիական Սելթիքի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ պաշտօնապէս գլխաւորեց անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթին, յայտնեց ակումբին կայքը:
Հիւսիսային իրլանտացի 46 տարեկան մասնագէտը խումբին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ յունիս 2022:
Ռոճըրզ 2016-էն ի վեր ըլլալով Սելթիքի մարզիչ, անոր հետ 2 անգամ հանդիսացած է Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան:
Ան նախապէս «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ պաշտօնավարած է` ըլլալով Սուանզիի (2010-2012) եւ Լիվըրփուլի (2012-2015) մարզիչ:



