Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեան Յովհաննէս Պաչքով բժշկական ամբողջական հետազօտութիւն կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն լաւապէս նախապատրաստուելու համար, ան Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի ունենայ ֆիզիքական պատրաստութեան հանգրուան, ինչպէս նաեւ շարք մը մենամարտեր պիտի կատարէ աշխարհահռչակ կռփամարտիկներու դէմ:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեանի անձնական միջոցներով, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:



