Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քարիթաս»-ի Համագումարի Մասնակիցներուն Կոչը` Հեռու Մնալ Ծայրայեղութիւններէ, Համակեցութեամբ Ընթանալ Դէպի Ապագայ

February 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուարին մասնակցեցաւ «Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» կազմակերպած եւ տարբեր համայնքներէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կայացած համագումարին:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ մշակոյթներու, քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է ամէն տեսակ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, նորափթիթ սերունդներուն մտքերուն ու համոզումներուն մէջ չսերմանելու ծայրայեղական մօտեցումներ, ինչպէս նաեւ զանոնք դաստիարակելու այնպէս, որ յարգեն ուրիշին կարծիքը, կրօնը եւ ընտրելու իրաւունքները` հաստատելով, որ այսպիսով կարելի կ՛ըլլայ առողջ, ապահով եւ կայուն ընկերութիւն ունենալ:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ նախորդ տարիներուն արձանագրուած իրադարձութիւններուն մէջ ամէնէն ակնառուն այն էր, որ միջինարեւելեան մեր ընկերութիւնները վերածուեցան իրերամերժ, զիրար չհանդուրժող, իրարու դէմ պայքարող հաւաքականութիւններու` հաստատելով, որ բոլորին առաջադրանքը պէտք է ըլլայ խիստ ու հետեւողական պայքար մղել այս երեւոյթին դէմ: Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքը պէտք չէ դատարկուի իր ժողովուրդէն, Քրիստոսի ծննդավայրը եւ Գողգոթան պէտք չէ պարպուին քրիստոնեաներէն, ինչպէս որ Երուսաղէմն  ու Աքսայի մզկիթը կարելի չէ պատկերացնել առանց իսլամներու: Արդարեւ, գետերու ջուրերուն հոսքը կը դադրի, եթէ աղբիւրները չորնան: Ըստ անոր, մարդկային արիւնահեղութիւնը, պարտադիր տեղահանութիւնները` ընկերութեան կարգ մը բաղադրիչներու, ժողովրդագրական պատկերը փոխելու մնայուն փորձերը, ինչպէս նաեւ նախորդ փուլերուն արտագաղթն ու Պաղեստինի բաժանումը, անոր ժողովուրդը անտուն դարձնելը, ինչպէս նաեւ ներկայի ճնշումները` մնացածն ալ դուրս հանելու իրենց հողերէն եւ այլ երկիրներու մէջ բնակեցնելու, կը միտին ստեղծել նոր Միջին Արեւելք մը, որուն ինքնութիւնը խորթ է եւ ամբողջովին հեռու է կրօններու, մշակոյթներու եւ տարբեր ընկերութիւններու համախմբողը ըլլալու հանգամանքէն:

Լիբանանի նախագահը այս ծիրին մէջ անդրադարձաւ «Քարիթաս»-ի առաքելութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ ան ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէ իր մարդասիրական գործունէութեան մէջ, կ՛օժանդակէ ծայրայեղութիւններու պատը ճեղքելու, ուրիշներուն բացուելու, տարբեր պատկանելիութիւններ ընդունելու:

Համագումարին խօսք առաւ նաեւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, որ դիտել տուաւ, թէ այլազանութեամբ հարուստ միջավայրերու մէջ, ուր տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու հետեւող մարդիկ համակեցութեամբ գոյատեւելու կոչուած են, պէտք է տիրական ըլլան համագործակցութիւնը, հասկացողութիւնը, բարեսիրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ գործել ի շահ հաւաքականութիւններուն: Անոր համաձայն, իւրաքանչիւրը իր ազատութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը պահելով հանդերձ, պէտք է գիտնայ ապրիլ իր շրջապատին մէջ եւ անոր հետ:

Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ այլազանութիւնը տիրական է, անիկա կը կազմէ այս երկրին էութիւնն ու խորքը: Արդարեւ, հոս կան բոլոր եկեղեցիները, 18 համայնքներ, իսկ Լիբանանի իւրայատկութիւնն է միասնականութիւն հաստատել` պահելով առանձնայատկութիւնները: Ըստ անոր, Լիբանանի այս յատկանիշը զայն կը տարբերէ միջինարեւելեան միւս երկիրներէն, ուր իսլամական կրօնին վերաբերող օրէնքներ կը կիրարկուին:

Իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու պարագային` նշելով, որ անոնք պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը, բացի եթէ անոնց ճակատագիրը եւս պիտի նմանի պաղեստինցիներուն, եւ այս բոլորը ըլլան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն:

«Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» նախագահ Կապրիէլ Հաթթի յոյս յայտնեց, որ բոլորը համախմբող այս նախաձեռնութիւնը նոր առիթ կ՛ըլլայ մարդոց ու հաստատութիւններուն միջեւ կապեր ստեղծելու, որպէսզի անոնք միասնաբար գործեն բոլորին բարիքին, խաղաղութեան եւ մէկզմէկու ծառայութեան համար: Անոր համաձայն, բոլոր ժողովականներն ալ կու գան տագնապող շրջաններէ, ուր սպառնալիքները բազում են: Կապրիէլ Հաթթի նշեց, որ նման երկիրներու մէջ յատկապէս աղքատութիւնն ու թշուառութիւնը կ՛աւելնան, որովհետեւ պետական կառոյցները անհրաժեշտ կարելիութիւնը չեն ունենար եւ ուշադրութիւն չեն դարձներ տնտեսական-ընկերային հարցեր դիմագրաւող խաւին: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու ծայրայեղութիւնը, թշնամանքը, ապահովական անկայուն վիճակը, նաեւ` բնական աղէտները: Առ այդ, ան շատ կարեւոր նկատեց ըլլալ տոկուն, ինչպէս վարժ են այս երկիրներուն ժողովուրդները, կառչելու պապենական հողերուն, նոր արմատներ նետելու եւ աճելու, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները թափառական չըլլան:

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ «Քարիթաս»-ի գործունէութեան կարեւորութիւնը` նման եռեւեփող շրջանի մէջ, ուր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները բազում են, նաեւ մեծ են կարիքները: Ան նշեց, որ բարեսիրական այս միութիւնը կոչուած է ըլլալու սիրոյ արտայայտիչ, որ նաեւ եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը պէտք է փոխանցէ անոր զաւակներուն, «Քարիթաս»-ը նաեւ զգաստութեան հրաւիրող պէտք է ըլլայ, որպէսզի հասարակութիւնը տեսնէ շուրջը պատահածը եւ ճիշդ դիրքորոշում որդեգրէ: «Միտքով եւ սրտով աշխատողները պիտի կարենան օժանդակել իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն` առանց ակնկալութեան ու հաշիւներու», եզրափակեց պապական նուիրակը:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Լիբանան Երկխօսութեան Երկիր Է, Ոչ` Բախումի»

Յաջորդը

Արագ Եւ Անակնկալ Հանդիպում` Պըրրիի Եւ Հարիրիի Միջեւ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.