Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի մրցումի մը ընթացքին, Թեմփերլէյ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Ֆերոյի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը` 76-րդ վայրկեանին:
32 տարեկան Գեւգէօզեան վերջերս վերադարձաւ Թեմփերլէյ, ուրկէ հեռացած էր 2017-ին:



