Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի նախկին յառաջապահ Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ Միացեալ Նահանգներու մէջ ֆութպոլի ակումբ մը գնած է:
Լոս Անճելըս-10 Ֆ. Ք. ակումբը հանդէս կու գայ «Եու. Փի. Էս. Էլ.» ոչ արհեստավարժ լիկային մէջ:
Ան յայտնեց, որ այս ակումբը գնեց նախորդ տարի, բայցի այս գծով պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ ներկայիս: Ան աւելցուց, որ տարազին գոյներն են ճերմակ, սեւ եւ մոխրագոյն:
44 տարեկան Տել Փիեռօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջ տուաւ 2015-ին:



