Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղեւոնդեանց Քահանաներ

February 26, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղեւոնդեանց քահանաները խումբ մը հոգեւորականներ էին, որոնք  կաթողիկոսէ, եպիսկոպոսներէ, երէցներէ եւ սարկաւագներէ կը բաղկանային: Այս խումբը իր անուանումը ստացած էր իրենց հոգեւոր պարագլուխէն` Ղեւոնդ Երէցէն, որ ո՛չ միայն Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի օգնականը եղած էր, այլ նաեւ խորհրդատուն էր Վարդան Մամիկոնեանի եւ Յովսէփ կաթողիկոսին: Ղեւոնդ Երէց ինքն էր, որ հայ նախարարները եւ քահանաները խանդավառած էր քաջութեամբ պայքարելու թշնամիներուն դէմ: 451 թուականին, Վարդանանց պատերազմէն ետք, այս հոգեւորականները ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան: Հետագային, պատերազմի մը ընթացքին երբ պարսիկները պարտութեան մատնուեցան, անոնց թագաւորը ամէնէն դաժան ձեւով չարչարել եւ սպաննել տուաւ իր հայ քրիստոնեայ բանտարկեալները:

Աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Ղեւոնդեանց նշխարներէն մաս մը կը գտնուի Խորասանի Մաշաթ շրջանին մէջ, ուր յաճախ հրաշքներ պատահած են: Պարսիկներու Շահ Աբաս Ա. թագաւորը միանգամընդմիշտ ջնջելու համար սուրբերուն յիշատակը, նշխարներուն վայրը իր հին պարսիկ նախնիներուն շիրիմին կը վերագրէ: Սրբոց Ղեւոնդեանց մարտիրոսութիւնը տեղի ունեցաւ Վարդանանց պատերազմէն մօտ երեք տարի եւ երկու ամիս ետք: Սակայն տօնացոյցի կարգաւորութեան մէջ Վարդանանցի յիշատակութենէն երկու օր առաջ դրուած է այս տօնը:

Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնակատարութիւնը այսօր եւս կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, աւելի ամրօրէն կառչելու մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն: Ղեւոնդեանց քահանաները մեր կեանքին լաւագոյն օրինակներն են, թէ` մեզի համար հոգեւորականին եւ աշխարհականին միջեւ բացութիւն չի կրնար ըլլալ: Մէկուս մտահոգութիւնը միւսինն է եւ` փոխադարձաբար: Այս տօնին խորհուրդը մեզ կը մղէ մեր ազգին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց իբրեւ մէկ ընտանիք, մէկ եկեղեցի, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ ընկերութիւն պայքարելու` ի խնդիր մեր սրբութիւններուն: Ազգ մը, որ իր հերոսներուն խորհուրդով չի լիանար, հաստատօրէն դատապարտուած է ձախողութեան: Հետեւաբար, յարգենք մեր հերոս սուրբերը եւ անոնց օրինակը միշտ վառ պահենք մեր եւ մեզ յաջորդող սերունդներուն մէջ:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

 

Նախորդը

Նոր Սերունդի Հայապահպանութեան Միտող Համազգայինի Տարաբնոյթ Ծրագիրներ

Յաջորդը

Համազգայինի 90-ամեակի Ձեռնարկներ. Զարուհի Պապայեան Եւ Սոնա Ռուբէնեան Հայ Երգարուեստի Գոհարներէն Երգելով Հայաբոյր Երեկոյ Մը Պարգեւեցին Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.