Լիբանանի վարժարաններուն մէջ, ֆութպոլի մարզաձեւը զարգացնելու հիմնական նպատակ ունենալով` ՖԻՖԱ-ի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանան: Պատուիրակութիւնը ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ եւ նիստեր Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն, տարբեր մարզական պատասխանատուներու, վարժարաններու տնօրէններու եւ մարզիչներու հետ:
Շարք մը հանդիպումներէ ետք, ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչները լիբանանեան կողմին յայտնեցին, որ այս ծրագիրի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կ՛ակնկալուի կազմակերպել մօտիկ ապագային` ներկայութեամբ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի, որպէսզի Լիբանան ըլլայ աշխարհի առաջին երկիրը, որ նմանօրինակ ծրագիր մը կ՛իրագործէ` ՖԻՖԱ-ին հետ համագործակցաբար:



