«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր լոնտոնեան Արսենալը իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պաթէ Պորիսովը:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լոնտոնեան կազմը յաջորդ հանգրուան հասնելու համար պէտք ունի նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակի մը` նկատի ունենալով, որ երթին Պիելոռուսիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Արսենալին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այժմ բաւական ապաքինած է եւ կրնայ մասնակցիլ այսօրուան մրցումին:



