Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստան, յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիա, ուր հետեւեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականի փորձերուն:
Ան նշեց, որ իր աղջիկը եւս ֆութպոլ կը խաղայ: Անոր կարծիքով` բնական երեւոյթ է, որ աղջիկներն ալ ֆութպոլ խաղան:
Նշենք, որ 2018-ի աւարտին 31 տարեկան ֆութպոլիստը հեռացաւ ամերիկեան «Մէյճըր-լիկ»-ի խումբերէն Շիքակօ Ֆայըրէն:



