Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի Դրամատուներու միութեան տնօրէն խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժոզեֆ Թարապէյի, եւ անոր հետ քննարկեց ելեւմտական եւ դրամատնային կացութիւնները:
Ժողովէն ետք, Թարապէյ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են բոլոր նիւթերը, որոնց կառավարութիւնը պիտի անդրադառնայ մօտիկ ապագային, ներառեալ` ելեւմտական թղթածրարը, բարեփոխումները եւ պիւտճէն: Ան յայտնեց, որ իրենք կը բաժնեն վարչապետին լաւատեսութիւնը այս նիւթերուն առնչութեամբ` նշելով, որ մինչեւ հիմա կայ համաձայնութիւնը հիմնական նիւթերու շուրջ:
Թարապէյ ընդգծեց, որ վարչապետ Հարիրի խոստացած է ո՛չ ընկերութիւններուն, ո՛չ ալ քաղաքացիներուն վրայ նոր տուրքեր պարտադրել, որովհետեւ ուզուածը հիմա տնտեսութիւնը վերակենդանացնելն է, յատկապէս «Սետր»-ի ծրագիրին ընդմէջէն, որ կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ առաջադրանքներ` օգնելու այս յառաջընթացին:
Ան աւելցուց, որ դրամատնային գետնի վրայ վարչապետ Հարիրի վստահեցուցած է, որ դրամատուները եւ Կեդրոնական դրամատունը լաւապէս կ՛իշխեն կացութեան վրայ, եւ այս մարզը յաջողեցաւ վերջին 9 դժուար ամիսներուն ոտքի կանգնիլ: Եւ ատիկա կարելի եղաւ շնորհիւ այս մարզին զօրութեան եւ Լիբանանի դրամատնային համակարգին ու օրէնքներուն, որոնք կը յարգուին: Թարապէյ յայտնեց, որ վարչապետին հետ պիտի ունենան այլ հանդիպումներ եւ կեանքի կոչեն տնտեսական ծրագիրը:
Հանդիպում` Պու Սաապի Հետ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի նաեւ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը: Պու Սաապ հանդիպումէն ետք նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են պաշտպանութեան նախարարութեան հարցերը եւ Զինուորական խորհուրդի նշանակումները: Պու Սաապ ըսաւ, թէ վարչապետին ներկայացուցած է Ուաշինկթըն եւ Միւնիխ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Անդրադառնալով այդ երկու այցելութիւններուն ընթացքին իր յայտնած կեցուածքներուն` Պու Սաապ ըսաւ, որ իր բոլոր կեցուածքները կը գտնուին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին եւ Արաբական լիկային ներքեւ, ինչպէս կը վկայէ լիկայի ընդհանուր քարտուղարը եւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչը, որոնք նոյն բանը շեշտեցին նոյն նիստին ընթացքին: «Ինչ որ այդտեղ յայտարարեցի վիճաբանութեան առարկայ չէ, եւ որոշ կողմերու դէմ կենալու մասին խօսքերը ճշգրիտ չեն, որովհետեւ տակաւին պաշտօնական կեցուածք չլսեցինք, այլ աղբիւրներ, որոնցմէ քաղած են լրատուամիջոցները»:
«Բոլոր կեցուածքները կու գան պաշտպանելու արաբական հող մը, եւ ասոր նման բան մը պատահեցաւ Իրաքի մէջ, երբ Թուրքիա հիւսիսային Իրաք մտաւ, եւ Արաբական լիկան որդեգրեց կեցուածք մը, որ կ՛աջակցի Իրաքի տարածքներու ամբողջականութեան: Մենք կը գտնուինք Արաբական լիկայի որոշումներուն ներքեւ, եւ ես կը զարմանամ, որ մէկը կը նեղանայ, որ ես կ՛աշխատիմ լիկային ներքեւ: Եւ ես պիտի շարունակեմ պաշտպանական կեցուածքներ որդեգրել որեւէ արաբական հողի համար, եւ ան որ կը նեղանայ, որ ես արաբական հող մը կը պաշտպանեմ, ես անոր պիտի հարցնեմ, թէ ի՞նչ է իր պատկանելիութիւնը», ընդգծեց Պու Սաապ:



