Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին պահանջեց սկսիլ խորհրդարանի յատուկ նստաշրջան` գումարելու վերահսկիչ եւ օրէնսդրական նիստեր, խորհրդարանի աշխատանոցի ծիրին մէջ, որ նախապէս ճշդուած էր:
Ան յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը պարտադրեց իրականութիւն մը խորհրդարանին եւ կառավարութեան վրայ, որ կարելի չէ անտեսել, եւ արդիւնքները սկսան յայտնուիլ:
Պըրրի վերահաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելու հիմնական չափանիշը օրէնքը գործադրելն է:
Խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, թէ պէտք է դադրի ոմանց պաշտօնական շատախօսութիւնը կառավարութեան առնելիք դժուար որոշումներու նիւթին վերաբերեալ` շեշտելով, որ այս որոշումները պէտք չէ ազդեն աղքատներուն եւ սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն վրայ որեւէ մէկ ձեւով, եւ պէտք է կեդրոնանալ այս հարցին վրայ տարբեր մարզերու եւ կէտերու մէջ, ներառեալ վարձքերը, անիմաստ ծախսերը եւ մսխումի դադրեցումը:
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպման ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ:
Երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանի նախագահը ընդունեց ելեւմտական եւ պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկման նիւթը կը վերաբերէր յատկապէս աշխատանքային հարցին:
Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան վստահութիւն շնորհելու նիստերէն ետք յստակ դարձաւ, որ բոլոր խորհրդարանական պլոքները եւ երեսփոխանները կեդրոնացած են մէկ գաղափարի վրայ, եւ մարդիկ սկսան հարց տալ, որ եթէ բոլոր ղեկավարները կ՛ուզեն փտածութեան դէմ պայքար մղել, ապա ո՞ւր է հարցը եւ ինչո՞ւ փտածութիւնը տակաւին ներկայ է: Քանաան նշեց, որ ինք եւ Նեպիհ Պըրրի համաձայն են, որ այս նիստերը նոր իրականութիւն մը պարզեցին երկրին առջեւ: Քանաան ընդգծեց, որ այս խորհրդարանը պիտի որոշէ, եթէ պիտի ըլլայ բարեկարգման խորհրդարան, որ պիտի կատարէ վերահսկողութեան, պատասխանատուութեան ենթարկման եւ հաշուետուութեան պարտականութիւններ, որովհետեւ գործը միայն խորհրդարանական յանձնախումբերով չի սահմանափակուիր: Ան ընդգծեց, որ ամէն բան պէտք է օրէնքի ներքեւ կատարուի:
«Մենք երկուշաբթի օրուընէ իսկ պիտի հրաւիրենք Կեդրոնական հաշուեքննիչ խորհուրդը եւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդը, ապա բոլոր շահագրգիռ նախարարութիւնները եւ պետական կառոյցները. նոյնիսկ եթէ պիտի աշխատինք ամէն օր, կ՛ուզենք իրագործել այս աշխատանքային թղթածրարը եւ անցնիլ այլ թղթածրարներու», յայտնեց Քանաան:
Քանաան յայտնեց, որ պատասխանատուութեան ենթարկելը եւ հաշուետուութիւնը Լիբանանի շահերուն կը ծառայեն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կաիրքը ունի ինքնավստահութիւնը վերականգնելու եւ ներսի ու դուրսի մարդոց վստահութիւնը իր վրայ:
Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիէն ստացած է ամբողջական աջակցութիւն եւ իր ու Պըրրիի միացեալ նպատակը այն է, որ այս խորհրդարանին առաջնահերթութիւնը բարեկարգումը ըլլայ եւ դադրի այս ընթացքը, որմէ կը տառապինք:



