Աշխարհի ֆութպոլի գործող ախոյեան Ֆրանսայի ազգային հաւաքականը «Լորէուս» տարեկան մրցանակաբաշխութեան արժանացաւ տարուան լաւագոյն խումբի մրցանակին:
Ֆրանսացիները գերազանցեցին «Ֆորմիւլա-1»-ի «Ֆեռարի» խումբին, Նորվեկիոյ ձմեռնային ողիմպիականի խումբին, «Ռայտըր Քափ Թիմ» եւրոպական կոլֆի խումբին եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին:

Իսկ տարուան լաւագոյն մարզիկի անուանակարգումին յաղթեց աշխարհի թիւ 1 դասուած թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչ: Ան չորրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
Տարուան լաւագոյն կին մարզիկը ճանչցուեցաւ ամերիկացի մարմնամարզիկ Սիմոնա Պէյզ:
Նախորդ տարի ան աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան տիրացած էր 4 ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալի:


