Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատ Միրզոյեան Կը Յայտնէ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Օրակարգի Առակայութեան Մասին

February 20, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտնեց, որ իրենք սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ օրակարգ ունին: Ատով, սակայն, լայնածաւալ փոփոխութիւն` խորհրդարանական կառավարման համակարգէն անցում կիսանախագահականին, տեղի պիտի չունենայ:

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ. «Սահմանադրական փոփոխութիւններ հաւանական են, թէեւ կը կարծեմ, որ ոչ այդպիսի լայնածաւալ փոփոխութիւններ, որ երկիրը խորհրդարանականէն դարձնենք կիսանախագահական: Մեր օրակարգին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւն կայ: Շրջանակը առայժմ կը յստականայ: Մենք այս ընթացքին տեսանք, որ կան բացեր, իրավիճակներ, երբ Սահմանադրութիւնը չի կարգաւորուիր, եւ հաւանական են փակուղիներ: Այս ամէնը պէտք է ուսումնասիրենք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է կատարել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու վերանայում, Միրզոյեան պատասխանեց` գուցէ:

Ան յայտնեց, որ անպայման պիտի ընդգրկուի նաեւ Ընտրական օրէնսգիրքի վերանայման հարցը:

Ազգային ժողովի նախագահը շեշտեց, թէ ինք ամենեւին կիսանախագահական համակարգին վերադառնալու կողմնակիցը չէ, կը կարծէ, որ հիմա ամէն ինչ պէտք է ընել խորհրդարանական համակարգի կայացման համար:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը. Ան Հայաստան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Երեւան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.