Նախորդ շաբաթավերջին, Շարլոթի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «ծագող աստղերու մրցում»-ը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Միացեալ Նահանգներու խումբը եւ աշխարհի հաւաքականը: Միացեալ Նահանգներու կազմը արձանագրեց 161-144 արդիւնքով յաղթանակ մը (40-30, 43-41, 40-46 եւ 38-27):
Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քայլ Քուզմա (35 կէտ), իսկ պարտեալ խումբէն` Պեն Սայմընս (28):
Վաղը տեղի կ՛ունենայ «Օլ-Սթար»-ի մրցումը` դարձեալ Շարլոթի մէջ:



