Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 59-րդ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Անսար հիւրընկալեց Սալամ Զղարթան` Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Այս դաշտը երեք տարիէ ի վեր փակ էր:
Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, երկու կազմերը խմբային լուսանկար մը նկարուեցան` ներկայութեամբ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի:
Բացման այս մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով համակիրներ, Անսար արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 2-0):



