Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ իրարու դէմ ճակատեցան Նասեր Պար Էլիաս եւ Շապապ Արապի:
Մրցումը աւարտեցաւ Նասեր Պար Էլիասի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ այսօր` երբ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Սայտայի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, թէեւ ՀՄԸՄ իր դարձի մրցումներուն սկսաւ պարտութեամբ, սակայն հետագային արձանագրեց յաջորդական երկու յաղթանակ:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կ՛ակնկալուի արձանագրել իրենց յաջորդական երրորդ յաղթանակը` կիրարկելով լաւ խաղաոճ մը:
Դարձի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ ՀՄԸՄ-ի անցեալի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանին:
Սարգիսեանին կողմէ մարզիչի պաշտօնի ստանձնումէն ետք, խումբին արձանագրած արդիւնքները նկատուեցան բացառիկ, եւ խումբը սկսաւ վերագտնել ինքզինք:
Կ՛ակնկալուի, որ նոյն դրական մթնոլորտը շարունակուի նաեւ այսօր եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն ընթացքին, որպէսզի ՀՄԸՄ կարենայ խոյս տալ վտանգաւոր գօտիէն եւ գոյատեւէ Բ. դասակարգին մէջ:


