Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ օր Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, կրթութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ապա Ժոմպլաթ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ սէուտցի պատուիրակին:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ Նիզար Օլուլայի եւ Պուխարիի հետ հանդիպումը եղած է մտերմիկ, որուն ընթացքին Ժոմպլաթ եւ Սէուտ ընտանիքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Շաքիպ Արսլանի եւ Ապտել Ազիզ Սէուտ թագաւորին միջեւ յիշատակներուն մասին երկար խօսած են:
Նշենք, որ Ժոմպլաթի հետ հանդիպումէն ետք Օլուլա մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` աւարտելով Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը:



