Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով Հայաստանէն Լիբանան եկած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ: Հաւաքին հայրենի արուեստագէտն ու առաջնորդ սրբազանը քննեցին հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
Նարեկ արքեպիսկոպոս հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ աշխատանքները, իսկ Տիգրան Մանսուրեան անդրադարձաւ իր գործունէութեան եւ Լիբանան այցելութեան:
Յայտնենք, որ նշեալ հանդիպումէն առաջ Տիգրան Մանսուրեան այցելած էր Ազգային միացեալ վարժարան, իսկ հանդիպումէն ետք շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտ` մօտէն ծանօթանալով թաղամասերուն եւ առօրեային:



