Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Տեղահանուածներու Թղթածրարը Քննարկեց Արսլանի Եւ Ղարիպի Հետ

February 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Այս առումով, երեսփոխան Արսլան յոյս յայտնեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարին կարելի ըլլայ արմատական լուծում մը ապահովել` առանց զայն լիբանանեան քաղաքական քմահաճոյքին ենթակայ դարձնելու, որովհետեւ այդ թղթածրարը բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի, անկախ անոնց քաղաքական պատկանելիութենէն:

Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարը անկարելի է լուծել, առանց սուրիական պետութեան հետ յստակ եւ անկեղծ յարաբերութեան:

Նշենք, որ Ղարիպ իր կարգին հաստատած էր, թէ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման միակ միջոցը լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնն է:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որմէ ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ յղուած հրաւէր մը` մասնակցելու 24 եւ 25 փետրուարին Շարմ Շէյխի մէջ գումարուելիք Արաբական-եւրոպական վեհաժողովին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան դիմագրաւած է նախորդ ամիսներուն ընթացքին իր անցուցած նիւթական տագնապը, որ իր վատ ազդեցութիւնը ունեցած է երկրին տնտեսական կացութեան վրայ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք ելեւմտական շուկան վերադարձած է իր բնականոն իրավիճակին` աւելցնելով, որ կայ ծրագիր մը, որ պիտի որդեգրուի` ամրապնդելու համար ընդհանրապէս լիբանանեան տնտեսութեան եւ յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիին նկատմամբ վստահութիւնը:

Նախագահ Աուն համագործակցութեան կոչ ուղղեց Դրամատուներու միութեան եւ տնտեսական հեղինակութիւններուն, որպէսզի անոնք եւս մասնակցին երկրին տնտեսական զարթօնքին եւ փտածութեան դէմ պայքարին, որ սկիզբ առած է եւ պիտի շարունակուի, ինչ ալ ըլլան անոր դէմ բանեցուած ճնշումները:

 

 

Նախորդը

Եան Քուպիշ Հասաւ Լիբանան, Իսկ Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան Յանձնառու Մնալու Շրջանային Տագնապներէն Ինքզինք Զերծ Կացուցելու Քաղաքականութեան

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Նշանակուեցաւ Յորդանանի Միջին Արեւելք Համալսարանի Խորհրդատուներու Խորհուրդի Անդամ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.