Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եան Քուպիշ Հասաւ Լիբանան, Իսկ Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան Յանձնառու Մնալու Շրջանային Տագնապներէն Ինքզինք Զերծ Կացուցելու Քաղաքականութեան

February 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Քուպիշ նախանցեալ օր հասաւ Լիբանան` ստանձնելու համար իր պաշտօնը:

Քուպիշ երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Քուպիշ նախագահ Աունին փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի շնորհաւորութիւնները` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ 31 յունուար 2019-ին կազմել կառավարութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ ողջոյնի խօսք ուղղուեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որուն ջանքերով կարելի եղաւ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով չորս կին նախարարներ ներգրաւել կառավարութեան կազմին մէջ: Կոչ ուղղուեցաւ քաղաքական կեանքին մէջ լիբանանցի կիներուն մասնակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ շեշտեցին ՄԱԿ-ի թիւ 1701, թիւ 1680, թիւ 1559 եւ թիւ 2433 բանաձեւերուն գործադրութիւնը:

Այս ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան յանձնառու մնալու շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ մշակելու պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը եւ զէնքի օգտագործման իրաւունքը վերապահելու միայն լիբանանեան բանակին:

 

 

Նախորդը

Ռոպեր Ղանեմի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Տեղահանուածներու Թղթածրարը Քննարկեց Արսլանի Եւ Ղարիպի Հետ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.