Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն` ընկերակցութեամբ ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Քրիսթիան Շապալի:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ շնորհաւորեց Պու Սաապը իր ստանձնած նախարարական պաշտօնին համար եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Ֆրանսայի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը, որ պիտի կատարուի այս տարուան աւարտին:
Պու Սաապի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ: Քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին երկարութեան տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ գետնափոր փապուղիներուն եւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ քարաշէն պատ մը կառուցելու վերաբերող հարցեր:
Պու Սաապ եւ Տել Քոլ ընդգծեցին սահմանագծում կատարելու նպատակով ստեղծուած սեղմ խորհուրդին աշխատանքը վերաշխուժացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն շուրջ տարակարծութիւնները փարատել:



