Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ

December 13, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տերսիմի քիւրտ եւ ալեւի բնակչութիւնը թրքական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան ենթարկուած է, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը աշխարհին առջեւ պատասխանատու է մարդկութեան դէմ գործած իր այդ արարքին համար:

Վարչապետ Էրտողան, խոստովանելով հանդերձ Թուրքիոյ պետութեան մեղքը «Տերսիմի ջարդերուն» մէջ, նախ փորձեց անոր տարողութիւնը նսեմացնել, ապա յանցագործութեան պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը վերագրել այդ ժամանակաշրջանի կառավարութեան գլուխը կանգնած իշխող կուսակցութեան:

Որքան ալ վերապահօրէն գնահատենք վարչապետ Էրտողանի այս աննախընթաց քայլը, պէտք է ընդունինք, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ պետական բարձրագոյն դիրքի վրայ գտնուող թուրք պաշտօնատար մը շեղած է թուրք ժողովուրդի պատմութեան մէջ իր նախնիներու ոճրային քաղաքականութեան ամբողջական ուրացումի վարքագիծէն` միեւնոյն ատեն նպաստելով քեմալական վարդապետութեան սարքած թուրք կերպարի գոնէ մասնակի քանդումին:

Իր պատմութեան մէջ ոչ մէկ մութ էջ ունենալու յոխորտանքն է, զոր Էրտողան խնդրոյ առարկայ դարձուց իր խոստովանութեամբ, եւ ի՛նչ անմիջական հաշիւներ ալ ըլլան իր դրդապատճառները, ան ճամբայ բացաւ հետագայ աւելի լայնախոհ, աւելի գիտակից թուրք ղեկավարներու, որպէսզի կատարեն աւելի խիզախ ոստումներ ու ճանչնան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած բոլոր ցեղասպանութեանց ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

Մենք ընդհանրապէս թուրք պաշտօնատարներու գործողութիւնները կը գերագնահատենք` իբրեւ դիւանագիտական կամ քաղաքական բարձր մակարդակի խաղեր մոգոնողներու` եւ գործադրողներու: Այդ տրամաբանութիւնը Էրտողանի սոյն խոստովանութիւնը պիտի նկատէր իբրեւ մարտավարական կամ ռազմավարական հրաշալի քայլ: Գուցէ այդպէս ալ է: Սակայն չենք կրնար թերագնահատել այն ծանր հարուածը, զոր այս քայլը պատճառեց թուրք մարդուն պետականօրէն ներշնչուած ինքնապատկերացման, որ կրնայ ինքնին դուռ բանալ աւելի խոր ներհայեաց քննարկումներու` մղելով թուրք ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը` աւելի մեծ ոստումներ կատարելու իրենց սեփական պատմութիւնը ճանչնալու ցաւագին փորձերուն մէջ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

1938-Ի ՏԵՐՍԻՄԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵՑ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏՊԱՐԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.