Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՀՄԵԹ ՊԱՐԼԱՍԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅՕԴՈՒԱԾԸ. «ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՐԵՍ ԱՌ ԵՐԵՍ ԳԱԼԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱ՞ՆՔՆ Է»

December 13, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեհմեթ Պարլաս «Սապահ»ի մէջ վերի խորագրին ներքեւ նախ կ՛անդրադառնայ ՃՀՓ կուսակցութեան օրով 1937-1938 թուականներուն Տերսիմի մէջ քիւրտերուն դէմ գործադրուած սպանդներու նիւթին, որ այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ օրակարգի գլխաւոր նիւթ կը հանդիսանայ:

Այս առիթով կ՛անդրադառնայ նաեւ յիշեալ կուսակցութեան այսօրուան ղեկավար Քըլըճտարօղլուի այն խիստ արտայայտութեան, որ ուղղուած էր վարչապետ Թայիպ Էրտողանի: Ինչպէս գրած էինք, Քըլըճտարօղլու Էրտողանին ուղղած էր սա նախադասութիւնը. «Որքան մեծ դժբախտութիւն է որ մեր երկրի վարչապետին մտային քարտէսը նոյն պատկերն ունի հայ սփիւռքի մտային քարտէսին հետ: Եթէ մեր վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներն ալ մեզի պարտադրէ, չեմ զարմանար:

Մեհմեթ Պարլաս «Քըլըճտարօղլուի ամօթը» խորագրին ներքեւ կը շարունակէ խորհրդածել հետեւեալ կերպով.

«Կարեւոր քայլ մըն է այսօր, որ Թուրքիա իր անցեալին հետ երես առ երես գալու հասունութեան հասած է վերջապէս: «Տերսիմի աղէտը» նիւթ մըն է, որ իսկապէս պէտք է քննուի մանրամասնօրէն: Այս նիւթը օրակարգի բերաւ վարչապետ Էրտողան, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ մեղադրանքի արժանի նկատուեցաւ: Քըլըճտարօղլուի արտայայտութիւնը` Էրտողանին ուղղեալ, անբախտ եւ իր նիւթէն շեղելու կոչուած արտայայտութիւն մը չէ՞ արդեօք:

Երբ ջանք կը վատնուի մեր պատմութեան հետ երես առ երես գալու եւ լուսաբանութիւններ մէջտեղ դնելու,  արդեօք այդ դէպքերու ցանկին մէջ 1915-ին հայերու դէմ գործադրուած տեղահանութեան դէպքը չկա՞յ: Քըլըճտարօղլու արդեօք կը կարծէ, թէ հայկական տեղահանութիւնը միայն հայ սփիւռքի մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող քարտէ՞ս մըն է:

Եւ կամ` «Ունեւորութեան տուրք»ը միայն Թուրքիոյ քաղաքացի հրեաներուն կամ այլ փոքրամասնութիւններու նիւ՞թն է:

6-7 սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ յոյն փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած դէպքերը մեր կողմէ երես առ երես գալու կոչուած պատմական ամօթ չե՞ն արդեօք:  Եւ քանի որ այդ օրերու դէպքերը կազմակերպուեցան Ատնան Մենտերեսի վարչապետ եղած շրջանին, ուրեմն հիմա Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը պէտք է որ պաշտպա՞ն կանգի այդ արարքներուն:

Տերսիմի աղէտը օրակարգի բերելու ճիգերը հայկական սփիւռքի մտային քարտէսին նմանցնելու արտայայտութիւնը Քըլըճտարօղլուի ամօթն է:

Քըլըճտարօղլու քանի որ Տերսիմի աղէտը ՃՀՓ-ի ժառանգութենէն անջատելով ատոր հետ երես առ երես գալու քաջութիւնը չունի, գոնէ պէտք է երես առ երես գայ իր ամօթին հետ»:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Նախորդը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆ ԲԱՑՈՒԻՐ

Յաջորդը

«ՌԱՏԻՔԱԼ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑԸ ՏԵՐՍԻՄԻ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՂՂԷ. ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԱԿԱՒԻՆ ԻՆՉԵՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.