Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Նահտա Շուէյֆաթի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Շուէյֆաթի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պէտք է ընեն` աս կարեւոր մրցումին անպայման յաղթանակ արձանագրելու: Իսկ խումբին համակիրները խիտ շարքերով ուղղուելով դաշտ` պէտք է քաջալերեն իրենց կազմը:


