Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այթանի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք Լուծելու Պէյրութի Երթեւեկի Խճողումին Հարցը»

February 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքապետութիւնը կ՛աշխատի քաղաքացիներուն դիմաց վերաբանալ մայրաքաղաքի այն բոլոր ճամբաները, որոնք քարաշէն անցարգելներով փակուած են ապահովական նկատառումներով, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլէ Պէյրութի փողոցներուն երկու կողմերուն վրայ ինքնաշարժ կանգնեցնելու համար տեղ ապահովելու ապօրինի դրութիւնը:

Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ երթեւեկի խճողումին պատճառը դէպի մայրաքաղաք ամէնօրեայ դրութեամբ 250 հազար ինքնաշարժներու մուտքն է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այդ տագնապին լուծում մը գտնելու իմաստով:

Ան հաստատեց, որ կարգ մը լուծումներ կան, որոնք տեղւոյն վրայ կարելի է ապահովել` առանց հսկայ ծրագիրներու:

Այթանի յայտնեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ` ներկայութեամբ Պէյրութի ոստիկանապետին, եւ քննարկած Պէյրութի երթեւեկի խճողումին հարցին հաւանական լուծումները:

«Այդ հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ քարաշէն անցարգելներով փակուած փողոցները վերաբանալ քաղաքացիներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ այս կամ այն անհատին ինքնաշարժը կանգնեցնելու համար տեղ պահելու ապօրինի դրութեան վերջ տալ` խստացնելով հսկողութիւնը եւ տուգանելով օրինազանցները», ըսաւ Այթանի:

Ան հաստատեց, որ ապօրինի կերպով վարուող մոթորսիքլեթները պիտի գրաւուին, իսկ տուգանքի պիտի ենթարկուին նաեւ այլ խախտումներ արձանագրող քաղաքացիները, յատկապէս անոնք, որոնք Պէյրութի ծովեզերեայ փողոցներուն վրայ եւ ծովուն մէջ աղբ կը թափեն: «Այս իմաստով Պէյրութի քաղաքապետութիւնը յանձնառու պիտի ըլլայ Պէյրութի ոստիկանութեան տրամադրելու ամէն տեսակի օժանդակութիւն, որպէսզի ան կարենայ գործադրել իր հսկողութիւնը», ընդգծեց Այթանի:

ՆՇԵՆՔ, որ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց «Էմիլ Լահուտ»-ի անուան պողոտայէն մինչեւ արտերկրի լիբանանցիին յուշարձանը երկարող ճամբան կոչել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անունով:

 

Նախորդը

Ժորժ Ֆարիտ Զրէյք Ինքզինք Հրկիզելով Մահացաւ

Յաջորդը

Պասիլ. «Տնտեսական Մեր Հիմնական Նպատակն Է Արտածումները Աւելցնելով Սրբագրել Երկրին Առեւտրական Հաշուեկշիռը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.