Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Տուպայի 30-րդ պասքեթպոլի տղոց միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 85-76 արդիւնքով (26-28, 9-17, 24-15 եւ 17-25) յաղթեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին:
Առաջին երկու քորթըրներուն, ՀՄԸՄ բաւական լաւ ներկայացում ունեցաւ եւ Ա. կիսախաղը աւարտեց 45-35 արդիւնքով:
Երրորդ քորթըրի կիսուն, ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ իր երկրորդ թեքնիքըլ-ֆաուլին պատճառով տիսքոալիֆայտ եղաւ եւ փոխարինուեցաւ Սեւակ Քեթենճեանով:
Ան պիտի բացակայի այսօր Ուահտէի դէմ (Սուրիա) տեղի ունենալիք վերջին մրցումին (ժամը 19:00-ին):
Սակայն ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սալայի դէմ տեղի ունենալիք քառորդ աւարտականի մրցումին:
Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ-էն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 27 կէտ, Էլի Սթեֆան` 10, մինչ Սեւակ Քեթենճեան եւ Փաթրիք Պու Ապպուտ` 9-ական կէտ: Իսկ Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 11 կէտ:
Այսօր ժամը 17:00-ին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռիատի եւ Պէյրութ` զուտ լիբանանեան մրցումի մը ընթացքին:




