«Տոն Պալոն» կը տեղեկացնէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով նոր մարզիչի փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է:
Յայտնապէս, միւնիխեան ակումբին ղեկավարութիւնը դժգոհ է խումբին այժմու մարզիչէն` Նիքօ Քովաչէն:
Ներկայ հանգրուանին կը գտնուին երկու թեկնածուներ, որոնցմէ մէկը պիտի յաջորդէ Քովաչին, անշուշտ եթէ այլ թեկնածուներու անուններ չյայտնուին:
Անոնցմէ մէկն է դեկտեմբեր 2018-ին Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռացած Ժոզէ Մուրինիօ, իսկ երկրորդը` նախորդ հոկտեմբերին Ռէալ Մատրիտէն հեռացած Խիւլեն Լոփեթեկի:



