«Ֆութպոլ-Իտալիա» հաղորդեց, որ «Սերի-Ա.»-ի գլխաւոր պատասխանատու Կայթանօ Միքիչէ ըսած է, որ շատ հաւանաբար «Սերի-Ա.»-ի խումբերուն թիւը նուազի 18-ի:
«Բոլոր գլխաւոր ախոյեանութիւններուն, բացի` «Պունտըսլիկա»-էն, 20 խումբ կայ: Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին նիստին ընթացքին մեր հայեցողութեան ձգեց որոշելը, թէ արդեօք կ՛ուզե՞նք խումբերուն թիւը 20-էն կրճատել 18-ի», ըսաւ Միքիչէ:
Ան եզրափակեց, որ այս ուղղութեամբ ժողովներն ու հանդիպումները պիտի շարունակուին` վերջնական որոշումի հասնելու համար:



