Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Ելոյթներու Պատասխանատուութիւնը

February 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող շաբաթներուն Հայաստանի եւ հայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցած հրապարակային ելոյթները ընկերային ցանցերու վրայ բաւական աշխուժ հակադարձութիւններ արձանագրեցին:

Հայաստանի գրաւոր, տպագիր եւ լսատեսողական կայքերն ալ կլոր սեղաններով թէ վերլուծական յօդուածներով այս կամ միւս հարցը քննարկեցին:

Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր նիւթի հրապարակային քննարկումէ առաջ ենթահող պատրաստել, լուրջ քննական եւ քննարկման փուլէ անցընել, ստուգել, ծրագրել եւ մանաւանդ հիմնաւորել եւ այլընտրանքը ներկայացնել, որպէսզի այսքան մեծ ալիք չբարձրանայ:

Պետական հասկացողութիւնը միայն իշխանութեան մեծամասնութեան տրամաբանութեամբ չի բանիր: Իւրաքանչիւր ծրագիրի պարագային, համապատասխան լուրջ քննարկումներ պէտք է կատարուին, եւ զգայուն հարցերու պարագային, անհրաժեշտ ժամանակը պէտք է տրամադրուի նախքան հրապարակային յայտարարութիւններ կատարելը: Այդպէս աւելի ճիշդ ու կառուցողական կ՛ըլլայ, ոչ թէ` ինչպէս որ եղաւ վերջին շրջանին: Աւելի քան մէկուկէս ամիսէ կը լսենք, որ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի փակուի, միայն կոմիտէ պիտի մնայ, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պիտի ներառուի կամ վարչապետին մէկ գրասենեակը պիտի ստանձնէ նախարարութեան աշխատանքները: Աւելի՛ն. Ազգային ժողովի փոխնախագահը հրապարակային յայտարարութիւն կատարեց քայլերգի փոփոխութեան մասին:

Նախ քննենք, քննարկենք, լսենք ու արծարծենք… Հիմա մէկ ամիս ալ այս նիւթը կը քննարկուի, սակայն ոչ լուրջ մարմինի մը կողմէ, այլ` ընկերային ցանցերու միջոցով:

Մէկ բան յստակ պէտք է դառնայ, որ մեր օրերուն հրապարակային ելոյթներու պատասխանատուութեան պէտք է գիտակցի իւրաքանչիւր պատասխանատու անձ: Կարելի չէ ազգին կամ հաւաքականութեան հետ կապուած հարցերուն վերաբերող ելոյթով մտքերը պղտորել, հոգիները անհանգստացնել, կասկածներ սերմանել, մտահոգութիւններ մէջտեղ նետել, ճամբաներ փակել եւ այլն:

Հրապարակային անպատասխանատու ելոյթները շատ յաճախ դժուար վիճակներ կը ստեղծեն մեծ պետութիւններուն համար: Դժբախտաբար նման ելոյթներու ականատես ենք Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ ամերիկաներու մէջ:

Այս իմաստով շատ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու, ինչ հանգամանք ալ ունենայ, իր հրապարակային ելոյթները կշռէ, լաւ մտածէ ըսելիքին մասին, ապա յայտարարութիւն կատարէ, որովհետեւ այս օրերուն խօսքը իր ազդեցութիւնը ունի ըրածին եւ ընելիքին վրայ:

 

 

Նախորդը

Հայրենադարձութիւն` Տեսականէն Գործնականի Անցնելու Փուլի Սեմին

Յաջորդը

«Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք, Որպէսզի Ժողովուրդին Մէջ Քանդենք Դաշնակցութեան Մասին Կարծրատիպերը». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.